2012-05-09 13:43:36

Աշուղական Երգերու Աննախընթաց Երեկոյ` Մեկնաբանութեամբ Սէյրան Աւագեանի։


Այս տարի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը: 25 տարիներէ ի վեր այս կրթական օճախը ջամբած է ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն, եղած է դարբնոց հայ աշակերտին մտքին ու հոգիին, կոփած է անոր կամքը, սատարած է անոր անհատականութեան կերտման, ինչպէս նաեւ իր ուսերուն վրայ առած է հայ գիտակից, ազգասէր, հաւատացեալ եւ յաջողակ անհատներ կերտելու պատասխանատուութիւնը:
25 տարիներ Գ. Հարպոյեան վարժարանը ընթացած է այս տեսլականով եւ գործած այս հրամայականով: Եւ այսօր վարժարանիս տնօրէնութիւնը կու գայ այս կրթական հաստատութեան արծաթեայ յոբելեանը նշելու զանազան ձեռնարկներով, որոնց շարքին մաս կը կազմէ երգահանդէս մը` աշուղական երգերու մեկնաբան, հայրենի արուեստագէտ Սէյրան Աւագեանի կատարողութեամբ: Ան իր թաւ ձայնով մեկնաբանեց Սայեաթ Նովայի երգերը:
Արդարեւ, երեքշաբթի, 8 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8-00-էն սկսեալ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած երգահանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Պատրիարք - կաթողիկոսին նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Ներկայ էին Հարպոյեան վարժարանի բարեկամներ, ծնողներ եւ հայկական արուեստը քաջալերող հասարակութիւն մը:
Ելոյթին սկիզբը բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ «Մեսրոպ Մաշտոցի վառ ջահը հայ դպրոցն է, որ կը փոխանցէ նոր սերունդին»: Ան յայտնեց, որ «հայ վարժարանը այն ամրոցն է, ուր աշակերտը կը գօտեպնդուի հայ ազգային արժէքներով ու մշակոյթով»:
Ապա խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը, որ ողջունեց Հարպոյեան վարժարանի նախաձեռնութիւնը` նուիրուած անոր հիմնադրութեան 25-ամեակին: Ան բարձրօրէն գնահատեց այս կրթօճախին բազմաբովանդակ, մեծածաւալ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը` կոչ ուղղելով «բարձր պահել վարժարանին պատիւը եւ դառնալ հայ ազգին պիտանի անհատներ»: Դեսպանը նշեց, որ «հայ ոգին կը գերիշխէ մեր միջավայրին վրայ» եւ շեշտեց, որ «Հայաստանի դռները բաց են բոլոր հայորդիներուն համար»:
Հուսկ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ «25 բեղուն տարիներ սերունդներ պատրաստած Հարպոյեան Վարժարանը իր յաջողութիւնը կը պարտի իրերայաջորդ տնօրէններուն, որոնք իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են կրթական այս օճախին յաջողութիւնը ապահովելուն գծով»: Ան նաեւ վստահեցուց, որ «հայ վարժարանը քաջալերողը հայ ազգը քաջալերած կ’ըլլայ: Հայ վարժարանին մէջ հայ աշակերտները պիտի պատրաստուին կերտելու հայ ընտանիքներ եւ մեր հայկական ապագան»: Հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ընտանիքին բոլոր անդամները անխտիր եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն, որպէսզի կրթական այս հաստատութիւնը աւելի յառաջդիմելով լաւապէս ծառայէ հայ ազգին ու հայրենիքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.